Հեղափոխությունն ու արդյունքները՝ ԱՄՆ-ի Մասաչուսեթս նահանգի Սփրինկֆիլտ քաղաքի հոգեւոր հովվի աչքերով

ԱՄՆ-ի Մասաչուսեթս նահանգի Սփրինկֆիլտ քաղաքի Սբ. Գրիգոր Լուսավորիչ Հայ Առաքելական Եկեղեցու հովիվ Պետրոս Քահանա Շիթիլյանը  հոդված է հրապարակել Հայաստանում նախորդ տարվա գարնանը տեղի ունեցած խաղաղ հեղափոխության մասին: Նա խոսել է հեղափոխության պատմության, արդյունքների եւ իշխանությունների աշխատանքի մասին: Հոդվածն առանց խմբագրման ներկայացնում ենք ստորեւ. 

Փաշինեանին «Հպարտ»-ը

(Հայաստանի խաղաղ յեղափոխութեան առաջին տարեդարձի առիթով) 

«Գուցէ իմ ամբողջ կեանքը խենթութիւն է»,

Ն. Փաշինեան: 

Անցեալ տարուայ Հայաստանի թաւշեայ խաղաղ յեղափոխութիւնը ցնցեց ամբողջ ազգը: Այդքան տարիներու յուսախաբութենէ ետք, երբ կը թուար որ հայրենիքը վերջնականապէս պիտի ընկղմէր ճահիճի մը մէջ, բան մը որ կրնար անգամ կործանիչ հետեւանքներ ունենալ, ահա այդ պահուն հայրենի ժողովուրդը իր քունէն սթափեցաւ ու ամենակարեւորը խաղաղ համազգային շարժումով մը վերջ դրաւ փտած վարչակարգին: Այսպիսի խաղաղ-թաւշեայ յեղափոխութիւն մը երկրորդն էր պատմութեան մէջ Չեխոսլավաքիայի 1989-ի յեղափոխութենէն ետք:  

Յեղափոխութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանը դարձաւ երկրի առաջին դէմքը:  Երկիրը սկսաւ ազատօրէն շնչել ու յոյս երեւաց որ չկար նախկին վարչակարգին ժամանակ: Բացի յոյսէն հպարտութեան զգացում մը յառաջ եկաւ, որ դարձրալ գոյութիւն չունէր ատկէ առաջ: Փաշինեանը, հանրային շարժումներու արդէն փորձուած գործիչը, շատ լաւ ըմբռնեց պատմական պահին ընձերած հնարաւորութիւնը: Ան ճիշտ եզրեր գտաւ ժողովուրդին ներշնչելու ու գոտեպնդելու  համար:  Յեղափոխութեան նշանաբանը ռուսերէն տուխով բառը դարձաւ, որ բառացիօրէն հոգիով կը նշանակէ, բայց իմաստայինօրէն աւելի ճիշտ պիտի ըլլար զայն թարգմանել յանդուգն կամ յանդգնութեամբ:  

Լայն զանգուածներու հետ գործ ունենալու վարպետ Փաշինեանը բացի տուխովէն , ուրիշ ոչ պակաս կարեւոր բառ մըն ալ յաճախ կը գործած է երբ կը դիմէ ժողովուրդին ըլլա՛յ հանրայինօրէն, ըլլա՛յ  համացանցին միջոցով: Այդ բառը այս անգամ հայերէն հպարտ բառն է: Ամէն անգամ երբ ան կը դիմէ ժողովուրդին կ'ըսէ . «Հայաստանի Հանրապետութեան հպարտ քաղաքացիներ»: Ուրիշ հանճարեղ փաշինեանական հնարք մը, որ լաւ հասկնալով նախորդ շրջանին յատուկ ժողովուրդին նուաստացման ու ստորակայութեան զգացումները, մատը վէրքին վրայ դնելով կոչ կ'ուղղէ Հայաստանի մեր եղբայրներուն ու քույրերուն հպարտ ըլլալու՝ հայ ըլլալու համար հպարտ ըլլալու, նման բացառիկ խաղաղ պատմական յեղափոխութիւն մը իրագործելու համար հպարտ ըլլալու ու մանաւանդ հպարտ ըլլալու ու այլեւս երբեք թոյլ չտալու ներքին թշնամուն որ նորէն իշխանութիւն զաւթէ:  Նուաստացման մթնոլորտը ամենէն ցաւոտ և աչքի զարնողն էր նախորդ շրջանին, որ միայն ներքին հարց չէր, այլ՝ արտաքին: Ասոր մէկ կարեւոր հետեւանքը նախորդ վարչակարգին նուաստացուցիչ արտաքին քաղաքականութիւն էր, երբ ըլլալով տկար ներքին ու արտաքին ճակատներուն վրայ, շատ յաճակ լռութեան կը մատնէր մեր թշնամիներուն ու անգամ բարեկամներուն մեր դէմ կատարած նուաստացուցիչ քայլերը:

Ահա Փաշինեանի «հպարտ»-ն է տուխովին հետ միասին, որ կնիքը հանդիսացան այն ոգեշնչութեան ու խանդավառութեան մթնոլորտին որ մանաւանդ յատուկ էր յեղափոխութեան օրերուն: Այդ զգացումները այնքան զօրաւոր էին, որ ամբողջ ազգին ոտքի հանեցին, շատեր անոնց մէջ ըլլալով տողերուս հեղինակը, անգամ ոտքի ելան ու ճամբորդեցին Հայաստան ապրելու ու նպաստելու համար պատմական պահին: Ահա այս ոգեշնչման մթնոլորտն է յեղափոխութեան առաջին ու կարեւոր նուաճումներէն մէկը: Որպէս վկայ կրնամ հաստատել, որ ազգի հոգին քանդեց դաւաճան վարչակարգին ստեղծած պատերը ու դուրս ժայթքեց այնպիսի մեծ ծաւալով ու ուժգնութեամբ որ հիմքը կը դնէր «Նոր Հայաստան»-ի ինքնամագրման, յառաջխաղացման ու հզօրութեան:    

Իրականութեան մէջ յեղափոխութիւնը սկսաւ 2016-ի Ապրիլին, երբ թիւով մօտաւորապէս հարիւր մատղաշ երիտասարդներ իրենց նահատակութեամբ վիժեցուցին մեծերուն կողմէն ծրագրուած ու հաւանական ներքին մեղսակցութեամբ այն հակահայկական ծրագիրը, որ կը միտէր լայն հողեր գրաւել Արցախի այսպէս կոչուած յարակից շրջաններէն ու անգամ բուն Արցախէն: Այդ ծրագրին յաջողութիւնը կրնար աւելի խորացնել մեր հայրենիքի տագնապը ու դառնալ համազգային ճգնաժամ: Հակառակ լաւ ծրագրման, այս ծրագրին շատ սահմանափակ «յաջողութիւնը»՝ որ իրականութեան մէջ ձախողում մըն էր, փաստեց որ չնայած երկար տարիներու ընթացքին Հայաստանի մէջ տիրող նուաստացուցիչ մթնոլորտին, ԱԶԳԻ ՀՈԳԻՆ, ազգային արժանապատուութեան հոգին, հոգին մեր հերոսներուն  դեռ կենդանի է ու կանգուն, որ ինչքան ալ զօրաւոր է ներքին թշնամին ան չէր կրցած թուլացնել այդ հոգին, հոգին որ մեր մայրերուն կաթին հետ նոր սերունդներուն կը ներարկուի: Ահա Ապրիլեան պատերազմին հերոսներն էին նաև. «Հայաստանի Հանրապետութեան հպարտ քաղաքացիները»:  Ասոր հետեւեցաւ մեր «խենթ»-երուն՝ «Սասնա Ծռեր»-ուն 2016-ի ամռան գործողութիւնը, որ հաստատեց ու անկասկածօրէն ցոյց տուաւ, որ չնայած բոլոր անկումներուն, հայ վրիժառու բռունցքը դեռ կայ ու կրնայ հարուածել դաւաճան դրսեւորումներուն:

Վերը յիշուած երկու եղելութիւնները պէտք էին, որ նախազգուշացում մը ըլլային նախորդ վարչակարգին, թէ ազգի արժանապատուութեան հետ խաղալը իր սահմանը ունի, թէ ինչքան ալ պետական հսկողութիւնն ու նիւթական կարողութիւնները զօրաւոր ըլլան տեղ մը կայ ուր նիւթը չի կրնար դէմ դնել հոգիին, մեր ազգային հոգիին, այն հոգիին որ մեր հերոսական գոյատեւման գաղտնիքը հանդիսացած է: Հակառակ այն բանին, որ Սարգիսեանը 2014-ին յայտարարած էր, որ ոչ մէկ պարագայի տակ երրորդ ժամանակշրջանի մը համար Հայաստանի ղեկավար պիտի ըլլար, ըլլա՛յ որպէս նախագահ, ըլլա՛յ որպէս վարչապետ, բայց ահա դարձեալ նոր սահամանադրութեան պատրուակին տակ ան «ընտրուեցաւ» վարչապետ, խեղկատակութիւն մը՝ երբ հին վարչակարգը ի՛նքը կայծը տուաւ ազգի քնացած հոգիին արթնացման, որ իր կարգին առաջնորդուեցաւ հայոց պատմութեան նոր «խենթ» Փաշինեանի սկիզբը անյոյս թուացող քայլարշաւով:          

Առաջին արդիւնքներ. Յեղափոխութիւնը երկար սպասել չտուաւ դրական իր առաջին արդիւնքները: Մանաւանդ սփիւռքի մէջ ահազանգուած արտագաղթի վտանգը որակական բարելաւում մը արձանագրեց յեղափոխութենէն անմիջապէս ետք, երբ ըստ 2018-ի վիճակագրութիւններուն երկար տարիներ է ետք առաջին անգամ ըլլալով հայրենիք վերադարձողներուն թիւը մօտաւորապէս քսան հազարով գերազանցեց լքողներունը:  Միւս կողմէն փտածութիւնը իշխանութեան վերին մակարդակին վրայ դադրեցաւ, վերջ տալով նախկին վարչակարգին ժամանակ Հայաստանի տնտեսութեան ամենամեծ թերութիւն հանդիսացող մենաշնորհումներուն և ամօթալի հանդիսացող՝ բարձր պաշտօնեաներուն մեծ ծաւալի գործարքներուն մէջ շահաբաժինով պարտադրաբար ընդգրկուելուն: 

Յեղափոխութեան առաջին շրջանին կարեւոր նուաճումներէն մէկը եղաւ նաև անցեալ տարուայ Դեկտեմբերին Ազգային Ժողովի ազատ ու արդար ընտրութեան անցկացումը, որ անկախ Հայաստանի պատմութեան մէջ նման երկրորդն էր 1991-ի ընտրութենէն ետք ու արժանացաւ միջազգային կողմերուն անվերապահ հաւանութեան ու գնահատանքին:              

Արցախ. Գալով Արցախի հարցին, հոս ալ ակնյայտօրէն արձանագրուեցաւ բարելաւում ու Հայաստանի դիրքերուն ամրապնդում: Վարչապետ ընտրուելուն առաջին օրէն սկսեալ Փաշինեանին յայտարարած՝ Արցախը բանակցութիւններուն մասնակից դարձնելու պահանջքը դրական նշան մը եղաւ «Նոր Հայաստան»-ի Արցախեան հարցի նկատմամբ նոր քաղաքականութեան: Միւս կողմէն պաշտպանութեան նախարար՝ Տոնոեանը Հայաստանի ռազմավարական համակարգին մէջ յարձակողական մարտավարութեան ընդգրկման մասին յայտարարեց, բան մը որ չկար նախորդ վարչակարգին ժամանակ, և որուն իրականացման ապացոյցներէն մէկը եղաւ ռուսական Սու-30 յարձակողական ռազմաօդանավերուն ձեռքբերումը: Ասոր վրայ պէտք է աւելցնել յեղափոխութենէն ետք Հայաստանի միջազգային վարկին բարձրացումը, որ աւելի զօրացուց Հայաստանի դիրքերը ընդդէմ Ատրպէյճանին: Աստիճանաբար ու հետեւողականօրէն Ատրպէյճանի ոտքի տակէն սկսան քաշուիլ այն տարբեր առաւելութիւնները, որոնք վերջինս ձեռք բերած էր նախորդ տարիներուն իր նիւթական կարելիութիւններուն շնորհիւ ու Հայաստանի տկարութեան պատճառով: Այս բոլորին հետեւանքը եղաւ Ատրպէյճանի սահմանի վրայի կատարած զինադադարի խախտումներուն մեծ չափով նուազիլը ու թշնամուն օգտագործած յարձակողական ու զաւթողական  յայտարարութիւններուն անհամեմատօրէն թուլացումը, որոնք աւելի ներքին օգտագործման համար կը կատարուէին, բան մը որ յատուկ է արեւելեան մենատիրական վարչակարգերուն ինչպիսին է Ատրպէյճանը : Անձնական մակարդակի վրայ Փաշինեանի ու Տոնոեանի զաւակներուն Արցախի մէջ զինուորական ծառայութեան անցկացումը, զօրաւոր նշան մը եղաւ «Նոր Հայաստան»-ի ղեկավարներուն նուիրուածութեան ու վճռակամութեան: Նման բան չէր եղած նախորդ վարչակարգին ժամանակ, երբ օրինակ Քոչարեանին երկու զաւակները իրենց ծառայութիւնը Երեւանի մէջ ձեւականօրէն անցուցած էին, իսկ Տէր Պետրոսեանինը Շամշատինի շրջանին մէջ: Վերջին շրջանին կարեւոր եղելութիւններէն մէկը եղաւ Հայաստանի և Արցախի ապահովութեան խորհուրդներուն միացեալ նիստին առաջին անգամ ըլլալով Ստեփանակերտի մէջ գումարումը ու այդ նիստի ընթացքին Փաշինեանին տուած կարեւոր պատգամը: Իսկ վերջին Փաշինեան-Ալիեւ Վիեննայի հանդիպումը տեղի ունեցաւ Հայաստանի համար նախորդ հանդիպումներէն աւելի նպաստաւոր մթնոլորտի մը մէջ, մանաւանդ որ հանդիպման ճիշդ նոյն օրը պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տոնոեանը Նիւ-Եորքի մէջ հայկական գաղութի հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարեց. «Տարածքներ՝ խաղաղութեան դիմաց»-ի փոխարէն «Նոր պատերազմ՝ նոր տարածքների դիմաց» կարգախօսը, որ «Նոր Հայաստան»-ի նոր ու հզօր մօտեցման մասին կը խօսէր: Տոնոեանի վերջին յայտարարութիւնը Փաշինեանը կնքեց ըսելով. «Եթե Դաւիթ Տոնոեանը այլ յայտարարութիւն անէր, ես նրան կ'ազատէի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնից»: Հայաստանի մէջ գործող քաղաքական վերլուծաբանները առանց խտրութեան, անոնց մէջ ըլլալով Փաշինեանին քննադատողները ողջունեցին «Նոր Հայաստան»-ի այս նոր քաղաքականութիւնը: Մէկ խօսքով Հայաստանը հոս դարձեալ կիրառեց «հպարտ» ըլլալու հանգամանքը ու այդ մէկը իրագործեց յանդգնութեամբ (տուխով):           

Արտաքին քաղաքականութիւն. Հայաստանը նաև հպարտօրէն սկսաւ յարաբերիլ աշխարհին հետ: Փաշինեանին «հպարտ»-ը հոս արդէն ակնյայտօրէն սկսաւ իրագործուիլ:  Հայաստանի համար ամենէն կարեւոր հանդիսացող դաշնակցային-ռազմավարական յարաբերութիւնները Ռուսիոյ հետ ստորակայական ըլլալ է սկսան վերածուիլ դաշնակցայինի:  Ըլլալով անկախ, չփճացած ու մանաւանդ իր թիկունքին զգալով ազգին մեծամասնութեան աջակցութիւնը, Փաշինեանը սկսաւ ինքնավստահօրէն խօսիլ Ռուսիոյ հետ, բան մը որ աւելի հաւասար- հաւասարի նախադրեալները ստեղծեծ Հայ-Ռուսական յարաբերութեան համար: Հասկնալով ու պահելով հանդերձ Ռուսիոյ հետ ռազմավարական յարաբերութիւնները «Նոր Հայաստանը» աւելի անկախօրէն սկսաւ յարաբերիլ աշխարհին հետ: Ասոր կարեւոր մէկ նշանն էր վերջերս Իրան կարարած Փաշինեանին պատմական պաշտօնական այցելութիւնը, որ Իրանի կողմէն բացառիկ ուշադրութեան արժանացաւ հիմքը դնելով ապագայի յարաբերութիւններուն լայնածաւալ ու խորքային զարգացման: Այս այցելութիւնը իր որակով և ծաւալով շատ աւելի մեծ էր Հայաստանի նախորդ ղեկավարներուն Իրան կատարած կարճ ու աշխատանքային այցելութիւններէն: Միւս կողմէն կարեւոր առաջընթացք արձանագրուեցաւ Եւրոպայի Միութեան յարաբերութիւններուն մէջ, որուն սատարեց վերջինիս ցուցաբերած լուրջ հետաքրքրութիւնը Հայաստանի նկատմամբ և որուն կարեւոր պտուղը հանդիսացաւ Հայաստանի տրամադրուած  եօթը հարիւր իւրօ արժեղութեան վարկը:          Հոս կարեւոր է նշել որ Ռուսիան իր բարձրագոյն գործադիր իշխանութեան մակարդակով հասկացողութիւն ցուցաբերեց ու ընդունեց «Նոր Հայաստան»-ի նոր արտաքին քաղաքականութիւնը, նկատի ունենալով որ հոն ցանկութիւն ու անգամ միտում չկայ Ռուսիոյ հետ դաշնակցային-ռազմավարական յարաբերութիւնները խզելու: Ընդհակառակը, այդ յարաբերութիւններուն մէջ նոր կարեւոր տարրեր աւելցան և այդ մէկը Հայաստանի մասնակցութիւնն էր Ռուսիոյ կողքին Սուրիոյ մէջ մարդասիրական առաքելութեան, իսկ Ռուսիոյ կողմէն Հայաստանին բարենպաստ պայմաններով ծախած Սու-30 ռազմաօդանաւերը: Այս երկու կարեւոր հանգամանքները ինքնին ապացոյց մը եղան Հայաստան-Ռուսիա պետական բարձր մակարդակի վրայ եղած յարաբերութիւններուն կայուն ըլլալուն: 

«Նոր Հայաստան»-ի անկախ քաղաքականութեան համար լուրջ փորձաքար է Ամուլսարի հարցը, որ ոսկու հանք մըն է նոյնանուն լեռնագագաթին շուրջ Վայոց Ձորի և Սիւնիքի մարզերու սահմանին վրայ: Ատոր օգտագործումը մեծ դժգոհութիւն յառաջուցած է շրջակայ մարդոց առողջութեան վնասելու մտավախութեան պատճառով, բան մը որ հեռու չէ իրականութենէն: Յստակ է, որ ինչ-ինչ պատճառներով Ամուլսարի օգտագործման համաձայնութիւնը ստորագրուած էր նախորդ վարչակարգին կողմէն ու ներդրում կատարող ամերիկեան «Լիտիան» ընկերութիւնը արդէն մօտաւորապէս մէկ պիլիոն ամերիկեան տոլար ծախսած է: Հարցը դեռ վերջնական լուծում չէ գտած: Վերջին նորութիւնը այն է, ինչ որ վերջերս Փաշինեանը յայտարարեց այդ մասին. « Ամուլսարի հետ կապուած մամուլում ըմկալում կայ՝ վա՜յ, «Լիտիան»-ը դիմում է միջազգային դատարան, ուրեմն վերջ, կորանք ազգովի: Դիմում է՝ թող դիմի: Ինչո՞ւ մենք մեզ այնքան անպաշտպան ենք զգում, ով ուզի կարող է մեզ անկիւն քշել: Այո, որոշ միջազգային խաղացողներ կան, որ գալիս են, ասում՝ կը դիմեն միջազգային դատարան և ուշադիր նայում են: Եւ երբ տեսնում են որ Հայաստանի Հանրապերութեան ներկայացուցիչը չի ուշաթավւում, իրենք են վատանում, իրենց ճնշումն է վատանում՝ ո՞նց, մեզանից չէ՞ք վախում...ո՛չ, չենք վախենում, էդ դուք մեզանից պէտք է վախենաք, եթէ վախենալու բան կայ, և ոչ մենք ձեզնից»: Ազգային Ժողովի ամպիոնէն արտասանուած այս խoսքերը արդէն շատ բան կ'ըսեն: Մեծ յուսով եմ, որ Հայաստանը յաղթական դուրս պիտի գայ նախորդ վարչակարգէն ժառանգած այս կնճռոտ հարցէն:        

Տնտեսութիւն. Յստակ է, որ ամենէն հիմնական հարցը տնտեսական վիճակին բարելաւումն է: Հասկնալի է, որ տուեալ հարցը աւելի բարդ է ու ժամանակ կը պահանջէ համեմատելով միւս հարցերուն և իրականութեան մէջ միւս հարցերը սերտօրէն կապուած են տնտեսութեան վիճակին հետ: Պատահական չէ, որ վերջին ընտրութիւններէն յետոյ Փաշինեանը կը խօսի տնտեսական յեղափոխութեան մասին: Այս բնագաւարին մէջ դեռ շօշափելի դրական փոփոխութիւնները շատ չեն ու չեն կրնար ըլլալ: Յուսալի նշան մըն էր նոր ստացուած այն տեղեկութիւնը, որուն համաձայն այս տարուան առաջին երամսեակի պետական պիւտճէն 11.4 պիլիոն դրամով աւելի իրագործուած է  (մօտաւորապէս 23.500.000 ամերիկեան տոլար), ժողովուրդի կողմէն վաճառքի հարկը աւելի լաւ վճառելու պատճառաւ, բան մը որ նախքան տեղի չէր ունենար: Փաստօրէն ժողովուրդը կը լսէ այդ մէկը ընելու պետութեան ու Փաշինեանին կոչերը ու այսպիսիվ կը մասնակցի «Նոր Հայաստան»-ի տնտեսութեան բարելաւման գործին, բան մը որ շատ կարեւոր է: Վերջերս ուրիշ կարեւոր նշան մըն էր նաև, այն հանգամանքը որ համաշխարհային Moody’s վարկանշային կազմակերպութիւնը Հայաստանի ինքնիշխան վարկանիշի հեռանկարը և Հայաստանի դրամատնական համակարգի կանխատեսումը «կայուն»-էն բարձրացուց «դրական»-ի:

Անշուշտ, որ եկող քանի մը տարիներուն պիտի երեւի թէ իրականութեան մէջ ի՞նչ տեղի պիտի ունենայ տնտեսական բնագաւարին մէջ ու թէ վերջ ի վերջոյ այս բոլորը պիտի յանգեցնէ ՞ ժողովուրդի տնտեսական մակարդակին փաստացի բարելաւման: Դուրսէն դիտողին համար տնտեսական վիճակին չափանիշը գիտնալու ամենէն լաւ միջոցը  պիտի ըլլայ, ամէն տարի Հայաստանէն մշտական հեռացողներուն ու մշտական վերադարձողներուն կամ  տեղափոխուողներուն թիւերուն համեմատութիւնը: Ինչպէս վերը արդէն  նշուեցաւ անցեալ տարուան թիւերը լաւ նշաններ ցոյց տուած են, որ պէտք է տարուէ տարի աստիճանաբար բարելաւուին հասնելով մինչև լայնածաւալ հայրենադարձութեան:                 

Մտահոգութիւն. Չնայած այն բանին, որ Փաշինեանին ո՞վ ըլլալուն մասին գրեթէ բոլոր կասկածները  փարատեցան, բայց իրեն մօտիկ շրջանակներուն կամ յեղափոխութեան պատճառով պաշտօններ ստանձնաց որոշ անհատներու մասին մտահոգուելու լուրջ հիմքեր կան: Ասոնցմէ ամենէն աչքի զարնողն է Ալէն Սիմոնեանը, որ յայտնի է իր ծայրայեղ ազատամիտ գաղափարներով: Սիմոնեանն էր նաև որ սկսաւ խօսիլ Ազգային Օրհներգը  փոխելու մասին: Այս մտահոգութեան կապակցութեամբ  յուսադրիչ պարագան այն է, որ յեղափոխութեան ժամանակ Փաշինեանէն ետք Արարատ Միրզոեանին հետ հաւասար դիրք ունեցող Սիմոնեանը այսօր բաւական չափով զիջած է իր դիրքերը:  Մինչ Միրզոեանը այսօր երկրի երկրորդ դէմքը կը հանդիսանայ Ազգային Ժողովին խօսնակը ըլլալով, Սիմոնեանը խօսնակին երեք տեղակալներէն մէկն է միայն: Փաստ է, որ Ազգային Օրհներգին փոխելու մասին խօսակցութիւնները վերջ գտան ու տեղ չհասան: Ըստ հաւաստի աղբիւրներու ատոր ետեւը կանգնած էր նոյն ինքն Փաշինեանը, որ նպատակայարմար չէր նկատած Ազգային Օրհներգին փոփոխութեան հարցին արծարծումը: Այս նշան մըն է, որ յեղափոխութիւնը կարողութիւնը ունի ինքն իրեն ուղղելու, բան մը որ շատ կարեւոր է մանաւանդ նման շարժումներու պարագային:

Պատմութեան մէջ յեղափոխութիւնները կրնան տարբեր ուղղութիւններով երթալ: Ասոր համար չափազանց կարեւոր է ժողովուրդին զգաստութիւն, որ ժամանակակից ընկերութեան մէջ կ'արտայայտուի քաղաքացիական ընկերութիւն հասկացողութեամբ  (civil society): Յեղափոխութեան պահպանման ամենամեծ երաշխիքը ժողովուրդին աչքն է: Այնքան ժամանակ որ Փաշինեանը կը յարգէ իր խոստումները ազատութիւնները չսահմանափալու համար, մտահոգուելու կարիք պետք չէ ըլլայ պետութեան որևէ շեղման հաւանականութիւնը, որովհետև քաղաքացիական ընկերութիւնն է որ կը հսկէ, եթէ պէտք է կ'աղմկէ, կը բողոքէ ու ահրաժեշտ պարագային ընտրութիւններով, իսկ ծայրայեղ պարագային նաև ըմբոստանալով կրնայ փոխել իշխանութիւնը: Այս ուղղութեամբ Փաշինեանը դեռ մշտահոգուելու առիթ չէ տուած, նոյնիսկ երբեմն մեղմ երեւած է, երբ օրինակ գիտնալով հանդերձ որ Հայաստանի լրատուական միջոցները ու համացանցային տարբեր աղբիւրները մեծամասնութեամբ կը պատկանին նախորդ վարչակարգին ու ատոր մօտիկ շրջանակներուն, նաև տեսնելով որ համացանցը լեցուն է «Նոր Հայաստան»-ին դէմ զանազան սուտ ու չարամիտ տեղեկութիւններով, ան ոչ մէկ քայլ արած է սահմանափակելու համար ատոնց գործունէութիւնը: Վերջերս էր միայն, որ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան յանձնարարեց պայքարիլ մանաւանդ ատելութիւն, բռնութիւն ու անօրինական արարքներու կոչ ընող աղբիւրներուն դէմ:       

Քննադատութիւն. Ահա հոս պէտք է տեսնել ու վերլուծել Փաշինեանին ու «Նոր Հայաստան»-ին ուղղուած քննադատումները, որոնցմէ մաս մը ողջամիտ են ու հետեւաբար անհրաժեշտ, իսկ  միւս մասը փողոցային մակարդակի ու սուտերու վրայ հիմնուած: Այսպէս. ըսուեցաւ որ Փաշինեանը Արցախը պիտի ծախէ: Իրականութեան մէջ հակառակը տեղի ունեցաւ: Հաւաստի աղբիւրներէն կարելի է հաստատել, որ Արցախի ղեկավարութիւնը ամբողջականօրէն գոհ է Արցախեան հարցի նկատմամբ «Նոր Հայաստան»-ի քաղաքականութենէն: Ըսուեցաւ, որ Փաշինեանին ետեւը Արեւմուտքն է, բան մը որ չի կրնար համապատասխաներ իրականութեան, որովհետև եթէ նման բան մը իրական ըլլար, Իրանի հետ յարաբերութիւները պէտք է վատանային: Դարձեալ՝ հակառակը պատահեցաւ: Փաշինեանին Իրան կատարած այցելութիւնը, նախորդ վարչակարգին յարող աղբիւրները կատարելապէս լռութեան մատնեցին, յար և նման Ատրպէյճանական աղբիւրներուն: Հայաստանի համար այդ այցելութեան դրական նշանակութիւնը այնքան մեծ էր ու բացայայտ, որ չէր կրնար քննադատուիլ: Ծիծաղալի գրառում մը կար դիմատետրին մէջ, որ Փաշինեանին՝ Նոր Ջուջայի հայկական գաղութը ետին երեւցող ինքնանկարի (selfie) համար կ'ըսէր. «Նայէք թէ Փաշինեանը ինչո՞վ է զբաղուել Իրանում»:  Փաստօրէն փորելով-փորելով  ուրիշ բան մը կարելի չէր եղած գտնել: Փորձուած ձեւը, անտեսելով դրական երեւոյթները, չաբազանցնելով ու գունազարդելով կեդրոնանալն է որևէ ժխտական երեւոյթներու վրայ ինչքանով ալ քիչ նշանակութիւն ունենան ատոնք, հայկական ասացուածքի արտայայտութեամբ. «Գաւաթին մէջ փոթորիկ ստեղծել» փորձելով: 

Արդարահատուցում. Նախորդ վարչակարգին այս ընթացքը ցոյց կու տայ, թէ ինչ խորունկ մակարդակի անկում ապրած է ան: Փոխանակ ընդունելու իր կատարած մեծ սխալները ու ծանր մեղքերը կամ նուազագոյնը գո՛ն է լռելու, ան ամբարտաւանօրէն կը շարունակէ իր նախորդ ընթացքը յոյս ունենալով իշխանութեան վերադառնալու: Այս մէկը աւետարանեան այն իրողութեան հաստատումն է, որ երբ մարդը շատ յառաջ կ'երթայ մեղքի մէջ, որ երբ մարդը շատ խորունկ կ'ընկղմի աղտոտութեան մէջ, ապա կու գայ այն պահը երբ գիծ մը կայ որ կը հատէ,  որմէ ետք անկարելի կը դառնայ վերադարձը դէպի զղջում ու ինքնամաքրում: Աւելորդ պիտի չըլլար հոս նաև յիշել Գարեգին Նժդեհի խօսքերը թէ. «Մեր դժբախտութիւնը այն չէ թէ աշխարհում կան թուրքեր, այլ այն՝ որ կան թրքանման հայեր»: Ահա հաւանաբար այս պատճառով էր, որ Փաշինեան կ'ըսէր թէ իրեն համար դժուար է լսել հին վարչակարգին կատարածներուն մասին գաղտնի զեկոյցները և որ ան կը պահանջէր օրական իրեն սահմանափակ քանակով ծրարներու մասին զեկուցել, որպէսզի կարելի ըլլար մարսել այդ դառն ճշմարտութիւնները: Որպէս օրինակ ան կ'ըսէր, որ պայմանագիրներ ստորագրուած են, որոնց համաձայն հայաստանեան կողմերը ուրիշ երկիրներուն մէջ կատարուած ու Հայաստանի հետ կապ չունեցող համաձայնութիւններու խախմտան պարագային իրենց վրայ տուգանքները վճառելու պարտականութիւնը ստանձնած են: Ապագայի համար կը կարծեմ իմաստուն պիտի ըլլայ չբացայայտել  կատարուած ամէն խախտում ու չարաշահում, այլ այդ ընել նկատի առնելով ազգի հոգեկան առողջութիւնն ու հաւասարակշռութիւնը պահելու հանգամանքը:

Այս նիւթին հետ կապ ունի ու կարեւոր է, թէ ո՞վ և ինքանո՞վ պատիժ պիտի կրէ: Այս պատճառով իմաստուն է յայտարարուած այն մօտեցումը, որ սպաննութիւններ հրահանգած ու կատարած անձինք են որ պէտք է դատապարտուին, իսկ անոնք որոնք միայն նիւթական չարաշահումներ կատարած են, նմաններուն ներում շնորհուի պայմանով որ անոնք վերադարձնեն իրենց իւրացուցած ու անօրէնօրէն ձեռք բերած նիւթական հարստութեան մեծ մասը: Հոս անշուշտ առանցքային է Ռոպերթ Քոչարեանին հարցը, որ նախորդ վաչակարգին ստեղծուելուն հիմնական պատասխանատուն է, օձին գլուխը ու կնքահայրը , որ պատասխանատուն է զանազան առիթներով կատարուած սպաննութիւններու և որ Հայաստանի չափերը նկատի առնելով կուտակած է ահռելի չափերու հասնող հարստութիւն, որ ըստ որոշ աղբիւրներու երեքէն մինչև չորս պիլիոն ամերիկեան տոլարի կր հասնի: Չնայած դուրսէն եղած զանազան բարձր մակարդակի միջամտութիւններուն ու անգամ մը բանտէն դուրս գալուն, այդպէս ալ Քոչարեանը կը մնայ բանտարկուած նախաքննութեան ժամանակ ու կարելի է յուսալ որ իր արդար պատիժը պիտի ստանայ: Նոյն է Մանվել Գրիգորեանին պարագան: Գալով Սերժ Սարգիսեանին, ապա շշուկ մը կայ, որուն համաձայն անցեալ տարուան Ապրիլ 23-ին ան համաձայնութեամբ հրաժարած է վարչապետի իր պաշտօնէն, այն պայմանով որ ապագային չդատապարտուի: Ամենայն դէպս, դեռ քանի մը անուններ կան որոնք արժանի են դատապարտուելու: Անձնապէս հոս պիտի ուզէի աւելցնել պետական-ազգային դաւաճանութեան մէջ մեղաւորներուն դատապարտութեան անհրաժեշտութիւնը: Անձի պատիժէն աւելի այդ պէտք է ընել, առաջքը առնելու համար ապագայի նման կարելիութիւններու:  

Արդարադատութեան հարցը դիւրութեամբ չի ընթանար, նկատի առնելով որ դեռ Խորհրդային ժամանակէն այդ համակարգը ամենէն փճացած ոլորտներէն մէկը եղած է: Ահա այստեղէն կու գայ Քոչարեանին ու Գրիգորեանին բանտէն ազատելու հանգամանքները, որոնք ուղղուեցան անոնց դարձեալ կալանաւորմամբ: Անշուշտ հոս «Նոր Հայաստանը» մեծ մարտահրաւէրի մը դիմաց կեցած է և այս մէկը արդարադատութեան համակարգին մաքրումն է, որ անհրաժեշտ ու գլխաւոր պայմաններէն մէկն է թաւշեայ յեղափոխութեան վերջնական յաղթութեան:      

Այս ծիրին մօտիկ վերջերս երկու ուշագրաւ եղելութիւններ արձանագրուեցան: Առաջինը. Հայաստանի Անվտանգութեան Ծառայութեան պետ՝ Արթուն Վանեցեանին մօր, վարչապետի անձնակազմի մէջ ունեցած գործէն հեռացուիլը. «Վարչապետի յանձնարարութիւնը ոչ պատշաճ կատարելու պատճառով», ինչպէս որ հաստատեց վարչապետի մամուլի խօսնակը: Իսկ երկրորդը. Փաշինեանի կողմէն իր մօտիկ ազգականներէն մէկուն օրինազանցութեան մասին պետական մարմիններուն տեղեկացնելը: 

Կաշառակերութիւն. Ուրիշ կարեւոր ու դժուար մարտահրաւէր մըն է կաշակեռութեան հարցը: Այդ հարցին յաղթահարելուն համար մեծ խոչընդոտ է պետական ամսականներուն ցած ըլլալու հանգամանքը: Հակառակ այն բանին որ ամենաբարձր մակարդակին վրայ  նշաններ չկան որ կաշառակերութիւն տեղի կ'ունենայ, ոևէ մէկը վստահօրէն չի կրնար ըսել, որ միջին ու աւելի ցած մակարդակներուն վրայ այդ չարիքը վերացած է: Վերջերս հայաստանցի անձէ մը լսեցի, թէ ոստիկանի մը կը ճանչնայ որ մինչև յեղափոխութիւնը ամսական հինք հարիւր ամերիկեան տոլար կ'ըստանար ու մօտաւորապէս հինք հարիւր ալ անօրէն եկամուտ ունէր ու այդ եկամուտի չափին հիման վրայ երկարաժամեայ վարկով տուն գնած է, իսկ  յեղափոխութենէն ետք անօրէն եկամուտի բաժնին վերացման պատճառով այլեւս ի վիճակի չէ տան վարկին համար անհրաժեշտ ամսական իր վճարումները կատարելու: Նման պարագաներ շատ կան: Փաստուած է, որ համակարգային կաշառակերութեան յաղթահարումը կ'ըսկսի վերէն, բան մը որ արդէն իրականութիւն է «Նոր Հայաստան»-ին մէջ: Կը մնայ որ աստիճանաբար ու տնտեսական վիճակին բարելաւման համընթաց նաև նուազի կաշառակերութիւնը աւելի ցած մակարդակներուն վրայ, հասնելու համար կարելի  եղած նուազագոյն չափերուն:

Եկամուտները բարելաւելուն չափ ու աւելի նոյնքան կարեւոր է մարդոց գիտակցութեան փոփոխութիւնը և հոս յոյսը պէտք է դնել աւելի շատ այն սերունդին վրայ որ Խորհրդային ժամանակէն ետքը կազմաւորուած է, քանի որ Խորհրդային շրջանին կազմաւորուած սերունդին մեծ մասը ամբողջ իր կեանքը ըլլա՛յ կամաւորաբար, ըլլա՛յ պարտադրաբար ապրած է գողնալով ու խարդախութեամբ: Նշանակալի էր վերջերս մեծ գումարներ կաշառք վերցնելու մեղադրմամբ առողջապահութեան փոխ-նախարարին ձերբակալումը: Այս ձերբակալումը աւելի կարեւոր կը դարձնէ այն հանգամանքը, որ մեղադրեալը  «Նոր Հայաստան»-ի շրջանին պաշտօն ստանձնած ղեկավարներէն մէկն է: Այս ձերբակալումը «Նոր Հայաստան»-ի շրջանին մինչև հիմա եղած ամենաբարձր մակարդակի ձերբակալումն է: Եղածը յոյս կու տայ, որ «Նոր Հայաստան»-ի իշխանութիւնները լուրջ են կաշառակերութեան ու փտութեան դէմ իրենց պայքարին մէջ: Հայաստանի հետ շփումներս կը վկայեն, որ ժողովուրդին մակարդակով կաշառակերութիւնը անհամեմատօրէն պակսած է: Հոս դարձեալ Փաշինյանին «հպարտ-»ը իր դերը ունի, որովհետև իսկապէս հպարտ մարդը ո՛չ կաշառք կու տայ և ո՛չ ալ կաշառք կ'առնէ:     

 Համակարգ. «Նոր Հայաստանին» հիմնական հարցերէն է այն, որ առ այժմ ամէն ինչ հիմնուած է ու կեդրոնացած է Փաշինեանին վրայ: Դեռ կազմակերպուած համակարգ մը չկայ: Նախորդ վարչակարգը ամէն ինչ յարմարեցուցած էր իր պէտքերուն, որոնցմէ ամենէն յայտնին Սերժ Սարգիսեանին պաշտօնը պահելու համար վարչապետական համակարգի ստեղծումն էր: Իսկ հիմա պէտք է նոր համակարգ ստեղծել, որ պէտք է հիմնուի ճիշդ նկրտումներու վրայ: Դիւրին պարտականութիւն մը չէ այս մէկը իրագործելը, մանաւանդ պատրաստուած անձերու պակասութեան պատճառով:

Այն հանգամանքը, որ Ազգային Ժողովին ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կը կազմէ  իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» դաշինքը մտահոգութեան առիթ կրնայ ըլլալ, եթէ իշխող խումբը չարաշահի իր ուժին օգտագործումը: Աշխարհը արդէն ստեղծած է այն համակարգը որ առաւելագոյն չափով կրնայ առողջ պահել ժողովրդավարութիւնը: Այդ համակարգի պարտադիր բաղադրեալներն են. զօրաւոր ընդդիմութեան գոյութիւնը, իշխանութեան մէկ հոգու կամ խմբի ձեռքին չկեդրոնանալը ու զայն բաժնելը, հսկողութեան իրական միջոցները...և այլն: Այս բոլորը նպատակներ են, որոնք եկող տարիներուն պէտք է ստեղծուին ու ներկայիս Փաշինեանն է այն անձը, որուն վրայ գլխաւորաբար կ'իյնայ ատոնց իրագործումը:

Սփիւռք. Հասկնալի է, որ սփիւռքի նախարարութեան կրճատումը հարցումներ յառաջացուց: Իր կողմէն Փաշինեանն ու կառավարութիւնը բացատրեցին այդ փոփոխութիւնը աւելի գործունեայ ու արդիւնաւէտ նոր համակարգի մը ստեղծմամբ, որ վարչապետի կառոյցին մէկ մասը պիտի ըլլայ ու ի վիճակի պիտի ըլլայ աւելի լաւ ձեւով համադրելու սփիւռքի հետ առնչութիւն ունեցող տարբեր կառոյցներուն աշխատանքները: Այստեղ պէտք է սպասել թէ ժամանակը ի՞նչ ցոյց պիտի տայ: Միւս կողմէն Սուրիա ուղղարկուած մարդասիրական առաքելութիւնը կարեւոր քայլ մըն էր, որուն մասին նախորդ վարչակարգը խօսեցաւ բայց այդպէս ալ չիրականացուց: Այս քայլի մասին Ազգային Ժողովին մէջ հարց ու պատասխանի ժամանակ, Փաշինեան յստակ յայտարարեց որ նպատակը երախտագիտութիւն յայտնելն է Սուրիոյ ժողովուրդին, որ Մեծ Եղեռնի ժամանակ օգնած էր մեր ժողովուրդին ու նաև շօշափելիօրէն օժանդակելն է Սուրիահայ գաղութին: Զարմանալի էր, որ Փաշինեանին կարեւոր այս յայտարարութիւնը աննկատութեան մատնուեցաւ սփիւռքին կողմէ: Յիշուած քայլը կարեւոր նշան մըն է և ցոյց կու տայ թէ «Նոր Հայաստան»-ը կը ջանայ հոգատար ըլլալ սփիւռքին նկատմամբ:

Գալով սփիւռքին, հոս անշուշտ նկատելի է վերջինիս մեծամասնութեան  դրական վերաբերմունքը «Նոր Հայաստան»-ին նկատմամբ: Ասոր կարեւոր մասը կու գայ նախկին հայաստանցիներէն, որոնք աւելի լաւ պատկերացում ունին ու զգայուն են Հայաստանի նկատմամբ: Ուր որ Փաշինեան այցելեց, դիմաւորուեցաւ մեծ խանդավառութեամբ: Սակայն անհրաժեշտ է նշել ինչ-ինչ պատճառներով սփիւռքեան որոշ շրջանակներու  վերապահութիւնը Փաշինեանին նկատմամբ, բան մը որ ժամանակի ընթացքին յոյսով եմ որ պիտի բարելաւուի դրական ու փաստուած լուրերու ներգործութեամբ: Ամենայն դէպս, լաւ կ'ըլլայ որ այդ տեղի ունենայ ինչքան կարելի է արագ: Եզրակցութիւններ պէտք է ընել միայն փաստերու վրայ հիմնուելով ու ոչ թէ նախապէս տրամադրուածութեամբ ու հիմնուելով ըսի ըսաւներուն վրայ: Ժամանակակից արհեստագիտութիւնը ու տեղեկութեանց հասանելիութիւնը առիթ կու տայ անձնապէս կողմնորոշուելու ու ճիշդը սխալէն զանազանելու: Դաւադրութեան տէսութիւնը (conspiracy theory), որ սփիւռքէն շատերուս մտածելակերպին յատուկ է պէտք է հիմնուի փաստերու վրայ: Որևէ բանի մը ետեւ անպայման Ամերիկան կամ Ռուսիան տեսնելու պարզունակ մօտեցումէն պէտք է հեռու մնալ, որովհետև նման ենթադրութիւնները յաճախ իրականութեան չեն համապատասխաներ: Յստակ է որ Փաշինեանը Ռուսիոյ «մարդ»-ը չէ, իսկ փաստերը հակառակը ցոյց կու տան շատերուն այն պնդումին, որ Արեւմուտքն էր թաւշեայ յեղափոխութեան ետեւը: Վերջին տեսութեան սխալ ըլլալուն ամենամեծ ապացոյցը «Նոր Հայաստան»-ի Իրանին հետ յարաբերութիւնները զարգացնելու լուրջ ջանքն է ու Ռուսիոյ կողքին  Հայաստանի մասնակցութիւնն է Սուրիոյ մէջ մարդասիրական առաքելութեան , քայլեր որոնք նախորդ վարչակարգին ժամանակ տեղի չէին ունեցած : Հայաստանը պէտք ունի սփիւռքին: Երբ կը խօսուի տասը միլիոն հայութեան մասին այդ մէկը պէտք է վերածուի նաև ՏԱՍԸ ՄԻԼԻՈՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ, ոչ թէ բառին բառացի հասկացողութեամբ, այլ՝ փաստացի: Այդ պիտի իրականանայ երբ գործնականօրէն աւելի տեսանելի համազգային ջանք մը ըլլայ «Նոր Հայաստան»-ին օգնելու: Ժամանակի գնացքը արագօրէն կը քալէ ու պէտք է չուշանալ:  

Հոս «Նոր Հայաստան»-ը կրնայ ու պետք է օգնէ տասը միլիոննոց Հայաստանի տեսլականը իրականացնելու, համահայակական խորհրդակցական մարմին մը ստեղծելով, որ եթէ յաջող ըլլայ կրնայ ապագային նաև որոշ իրավական ոյժ ունենալ: 

Փաշինեան. Գալով Փաշինեանին,  չնայած այն բանին որ ինչպէս վերը նշեցի յեղափոխութեան օրերուն խանդավառուած յատուկ ճամբորդած էի Հայաստան, բայց պէտք է խոստովանիմ որ այդ ժամանակ ու ետքը որոշ մտահոգութիւն ունէի Փաշինեանին ինչքանով ազգային ըլլալուն նկատմամբ: Այս մտահոգութիւնը աւելի կու գար անոր օգտագործած լեզուէն, որ հեռու է իր էութեամբ աւելի ազգային ուղղուածութիւն ունեցող սփիւռքահայերուս օգտագործած հայերէնէն: Բայց նաև պէտք է խոստովանիմ, որ այդ կասկածները արագօրէն փարատեցան տեսնելով Փաշինեանին ու «Նոր Հայաստան»-ին Արցախեան հարցին նկատմամբ որդեգրած ինքնավստահ ու յստակ հպարտ քաղաքականութիւնը:             

Աւանդական արժէքներ.  Ուրիշ կարեւոր հարց մը, որ դեռ պէտք է ապասել մինչև վերջնական եզրակացութեան մը յանգելու համար, ընկերաբարոյական հարցերն են: Այս հարցը իր տարբեր ճիւղավորումներով բարդ է ու կնճռոտ, որովհետև կապ ունի ո՛չ թէ միայն ներքին, այլ արտաքին ազդակներու հետ: Եւրոպայի հետ մերձեցումը ու որոշ չափով ատկէ կախման ըլլալու հանգամանքը կրնայ դուռը բանալ Հայաստանի վրայ ճնշումներու, որպէսզի վերջինս մեր ազգային բարոյական համակարգին հակառակ ընթացք մը որդեգրէ, պաշտպանելով ու օրիկանացնելով Եւրոպային յատուկ ծայրայեղ ազատամիտ երեւոյթները: Այս մտահոգութիւնը աւելի կը զօրանայ նկատի առնելով «Նոր Հայաստան»-ի ստեղծած նոր իրավիճակին մէջ հայ ծայրայեղ ազատամիտ անհատներուն ու հոսանքներուն աշխուժացումը: Ամենայն դէպս, առ այժմ նշանները լաւ կ'երեւան, որովհետև դեռ փաստացիօրէն ծայրայեղ ազատամիտ մղումներու պաշտօնական ու օրէնսդրական կիրառման փորձ չի երեւիր: Անցեալ տարուան Դեկտեմբերին կայանալիք սեռային փոքրամասնութիւններուն փակ ֆորումը այդպէս ալ տեղի չունեցաւ չնայած իրաւապաշտպաններուն բողոքներուն: Ոստիկանապետ Օսիբեանը այդ մէկը ապահովութեան նկրտումներով պատճառաբանեց: Հոս անպայման պէտք է ուշադրութեան հրաւիրել այն հանգամանքին, որ նման հաւաքներ տեղի ունեցած էին նախորդ վարչակարգին ժամանակ, որոնց մասին աղմուկ չէր բարձրացած:

Վերջերս Ազգային Ժողովի դահլիճին մէջ, մարդու իրավունքներու յանձնախումբի նիստին ժամանակ սեռափոխի մը ելոյթ ունենալը շիկացուց մթնոլորտը: Այլ բան կարելի չէր կռահել, նկատի առնելով որ Հայաստանի ժողովուրդին  ջախջախիչ  մեծամասնութիւնը դէմ է նման հանրային դրսեւորումներուն: Յատկանշական է արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակին պատասխանը Հայաստանի մէջ որոշ դեսպանատուներուն միակողմանի յայտարարութեան այդ դէպքի նկատմամբ. «Ուստի, այս համատեքստում մեր միջազգային գործընկերները պէտք է առավել յարգանք եւ զգայունութիւն ցուցաբերեն հայկական հասարակութեան հանդէպ եւ ձեռնպահ մնան հասարակական քննարկումների անհարկի ուղղորդումից, եթէ անգամ նրանք համաձայն չեն դրանց տոնայնութեան հետ։ Կուզենայինք յիշեցնել, որ հասարակական բարոյականութեան սկզբունքը մաս է կազմում մարդու իրավունքների միջազգային պարտաւորութիւններին, եւ դրանք չեն կարող անտեսուել»:

Հոս կարեւոր հանգամանք է Փաշինեանի ընտանիքին ամուր ու աւանդական ըլլալու հանգամանքը, բան մը որ ի՛նքը Փաշինեանը կը շեշտադրէ ու կը յայտարարէ ըսելով թէ ան աւանդական հայկական ընտանիքի հետեւորդ է: Նաև ոչ պակաս կարեւոր է Փաշինեանին հաւատացեալ ըլլալու հանգամանքը, որ դարձեալ զանազան առիթներով ան կը նշէ: Յայտնի է անոր խօսքը թէ. «Կայ մի գիրք որ անընդհատ ընթերցում են, այդ գիրքը Աստուածաշունչն  է»:

Հոս փակագիծ մը բանալով պէտք է նշել Փաշինեանի տիկնոջ՝ Աննա Յակոբեանին ձգած դրական տպաւորութեան ու դերի մասին, բան մը որ կարեւոր է ու մեծապէս կրնայ օգնել «Նոր Հայաստան»-ին ու ատոր հեղինակութեան բարձրացման:

Համենայն դէպս, այս հարցին մէջ վերջնական եզրակացութեան յանգելու համար դեռ պետք է սպասել ու նայիլ, թէ եկող տարիներուն «Նոր Հայաստան»-ը ինչքանո՞վ պիտի կրնայ հաւասարակշռել Արեւմուտքի ու մանաւանդ Եւրոպայի հետ իր զարգացող համագործակցութիւնը,  քրիստոնէութենէն եկող մեր աւանդական ու ազգայնացած բարոյական արժէքներուն պահպանման հետ:            

Եկեղեցի. Խօսելով քրիստոնէութեան մասին անկարելի է շրջանցել Փաշինեանին դիրքը Մայր Եկեղեցւոր նկատմամբ, երբ յստակօրէն ան կը խօսի պետութեան եկեղեցւոյ ներքին գործերուն չխառնուելու մասին: Եթէ Փաշինեանն ու «Նոր Հայաստան»-ը հաստատակամ մնան յայտարարուածին վրայ, այս մէկը կատարելպէս նոր իրավիճակ մը պիտի ստեղծէ Մայր Եկեղեցւոյ համար, որ իր կարգին պիտի պահանջէ Եկեղեցւոյ հոգեւորական ու աշխարհական զաւակներուն լուրջ համատեղ ջանքերը նոր իրավիճակին համապատասխան ճիշդ լուծումներ գտնելու համար: 

Դարձեալ Փաշինեանի մասին. Շարունակել խօսելով Փաշինեանի մասին նկատելի է պետական բարձր մակարդակի համար անոր անփորձ ըլլալը, բան մը որ հասկնալի է:  Այսպէս, «Նոր Հայաստան»-ին առաջին սխալներէն մէկը եղաւ Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Եուրի Խաչատուրովին վրայ Մարտի 1-ի գործի կապակցութեամբ քրէական գործի յարուցումը, նախքան անոր ետք կանչելը իր պաշտօնէն: Այս սխալը ետքը ուղղուեցաւ:  Նման ուրիշ սխալներ ալ եղան:             Երբեմն նկատելի է Փաշինեանին մէջ ջիղերուն չտիրապետելու հանգամանքը, որ պատճառ կը դառնայ իր կողմէն՝ պետական նման մակարդակի վրայ եղած անձի համար անյարիր արտայայտութիւններու:  Այսպէս, նոյն ՀԱՊԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի յաջորդի ընտրութեան մասին բանավէճին սկզբնական շրջանին Փաշինեանը ներքաշուեցաւ ոչ պատշած բանավէճի մը մէջ Պելառուսիայի նախագահ Լուքաշէնքոյին հետ: Այդ մէկը շուտով վերջ գտաւ երբ Փաշինեանը հրապարակայինօրէն դադրեցաւ պատասխանել Լուքաշէնքոյի սադրանքներուն: Խաչատուրովի յաջորդին նշանակման հարցին մէջ Հայաստանը յանձինս Փաշինեանին ցուցաբերեց հաստատակամութիւն ու չզիջեցաւ Լուքաշէնքոյին: Արդիւնքը այն եղաւ, որ չնայած Հայաստանը կորսնցուց ՀԱՊԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնին իր տեղը, բայց նաև Պելառուսիան ալ այդ մէկը չստացաւ: Չմոռնանք յիշեցնել, որ թ՛է Պելառուսիան, թ՛է Ղազախստանը 2016-ի Արցախեան պատերազմի ժամանակ պաշտօնապէս աջակցած էին Ատրպէյճանին, բան մը որ անընդունելի է նոյն ռազմավարական դաշինքի անդամ երկիրներու համար: Այս հարցը լաւ հակնալու համար, պէտք է լաւ ճանչնալ ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու ղեկավարներուն, որոնք Խորհրդային շրջանէն եկած միապետական և փճացած համակարգերու ղեկավարներ են: Ասոնց մէջը Փաշինեանը տարբեր կ'երեւի ու նշանակալից է, որ առաջին օրէն «Նոր Հայաստան»-ը ցոյց տուաւ, թէկուզ սկիզբը սխալ ձեւով իսկ ետքը ճիշդ, որ այլեւս այդ ղեկավարները Հայաստանին վերէն չեն կրնար նայիլ, որ այլեւս իրենց դիմացը յանձինս  Փաշինեանին  նոր հպարտ ու յանդուգն ղեկավար մը  կայ, որուն հետ պէտք է հաշուի նստին: Հետաքրքրական է նշել, որ ՀԱՊԿ-ի ներքին այս գործերուն մէջ «Նոր Հայաստան»-ի այս անկախ ընթացքը Ռուսիոյ շահին կը համապատասխանէ, որովհետև անցեալին Պելառուսիան ու Ղազախստանը սովորութիւն ըրած էին մարտահրաւէր նետելու Ռուսիոյ, իսկ «Նոր Հայաստան»-ի նոր ընթացքով Ռուսիան ՀԱՊԿ-ին մէջ իրեն համակարծիք անդամ մը ունեցաւ:

ՀԱՊԿ-ի հետ կապուած վերը նշուած օրինակը ցոյց կու տայ, որ Փաշինեանը ատակ է սորվելու ու զարգանալու, բան մը որ ոևէ մարդու ու մանաւանդ ոևէ ղեկավարի ամենէն կարեւոր ու անհրաժեշտ յատկանիշներէն մէկն է: Ասոր ուրիշ հաստատումը լսուեցաւ վերջերս երբ Ազգային Ժողովին մէջ Փաշինեանին տեղեկագիր կարդալու ու հարցումներ պատասխանելու համբերատար ու զուսպ ձեւը դրականօրէն գնահատուեցաւ «Լուսաւոր Հայաստան»-ի պատգամաւորի մը կողմէ, համեմատելով զայն նախորդող հարց ու պատասխանի նուիրուած նիստին,  ուր Փաշինեանը ցուցաբերած էր անհամբերութիւն ու որոշ ջղագրութիւն:  Եզրակացնելով այնպէս կ'երեւի, որ Փաշինեանը ինչպէս որ արեւմտահայերս պիտի ըսէինք տամար ունի, իսկ արեւելահայերը ատոր «կող ունի» պիտի ըսէին:  Այդ տամար-ը  Փաշինեանին կողմէն մտածուած ու պէտք եղած կերպով ղեկավարման ու օգտագործման պարագային դրական գործօն կրնայ դառնալ, բամ մը որ ինչպէս կ'երեւի արդէն տեղի կ'ունենայ:

Այս յօդուածի գրութեան ընթացքին վկան եղանք Փաշինեանին տամար-ին այս անգամ հայաստանցիներու նկատմամբ, երբ ան նուաստացուց ու գործէն ազատեց մաքսատան աշխատողներուն չափազանցօրէն հակազդելով տեղավայրին աղտոտ ըլլալուն ու Հայաստանի դրօշակը սենեակին անկիւնը դրուած ըլլալուն համար: Յուսամ որ Վարչապետը ինչպէս սորվեցաւ իր ջիղերը ղեկավարելու պաշտօնական դաշտին մէջ, նոյնպէս ալ պիտի սորվի նոյնը ընել ամենուրէք:      

 Վտանգ. Ահա նկատի ունենալով բոլոր այս տուեալները այնպէս կ'երեւի, որ «Նոր Հայաստան»-ը պիտի յաջողի նաև տնտեսական յեղափոխութիւնը իրագործելու ու հաւանաբար արդիւնքները պիտի սկսինք տեսնել եկող տարիներուն: Լուրջ հիմքեր կան  լաւատէս ըլլալու: Իմ կարծիքով երկու հանգամանքներ կրնան խանգարել «Նոր Հայաստան»-ին.

1 - Հայաստանի մօտիկ շրջանին մէջ կայունութեան խախտումը. հասկանալի է, որ խօսքը առաջին հերթին Իրանի շուրջ պատերազմի մը մասին է, որ ներկայիս աւելի քիչ հաւանական է քան նախորդ տարիներուն, որովհետև եթէ նման կարելիութիւն մը ըլլար արդէն տեղի ունեցած պիտի ըլլար: Իրանին թուլացնելու ներկայիս միջոցը տնտեսականն է, բայց նաև կատարելապէս չէ վերացած պատերազմի մը կարելիութիւնը:

2 – Փաշինեանին հեռանալը, որ ինքնիրէն գործող համակարգի բացակայութեան պատճառով կրնայ անբուժելի հարուած հասցնել «Նոր Հայաստան«-ին: Այս պատճառով գերկարեւոր է անոր ապահովութիւնը:            

Եզրակացութիւն. Փաշինեանին և «Նոր Հայաստան-ին ամբողջ գործունէութեան հիմքը կը հանդիսանայ այս երկու հասկացողութիւնները. հպարտը և տուխովը: Հպարտութիւնը էութիւնն է, որ կ'արտայայտուի ու կ'իրագործուի տուխով՝ այսինքն յանդգնութեամբ: Այս երկու հասկացողութիւնները մարդուն գիտակցութեան ո՞ր մասին հետ կապ ունին եթէ ոչ հոգուն: Ամենաէկանը հոգու հարցն է, ազգի հոգուն, այդ հոգիին առողջ ըլլալու հարցը: Ու փաշինեանական հպարտ ու յանդուգն (տուխով) հասկացողութիւններն են որ առանցքը պիտի և պէ՛տք է կազմեն ոչ միայն Հայաստանի, այլ՝ համայն Հայութեան կեանքին: Հոգին է ամենէն կարեւոր է, հոգին՝ որ մարդուն կը մաքրէ ու բարձրացնէ, հոգին՝ որ մարդուն իր «ես»-էն վեր կը հանէ, հոգին՝ որ մարդուն հերոս կը դարձնէ, հոգին՝ որ սովորական հայուն կը դարձնէ Արամ Մանուկեան և Գարեգին Նժդեհ: Մենք պարտաւոր ենք, եթէ կ'ուզենք լուծել մեր ազգային ճակատագրական հարցերը բարձրանալու ներկայիս մեր միջակութեան, անգամ երբեմն անկումային վիճակէն ու դառնալ բարձր հոգու ազգ, հպարտ ու յանդուգն ազգ: Ահա միայն այս պարագային է, որ պիտի կրնանք համապատասխան ըլլալ պատմական այս պահին ու բարձրացնել մեր ազգի որակը պահելով անցեալէն եկած ու քրիստոնէութեան վրայ հիմնուած մեր բարոյական արժէքները, մեր հերոսական հոգին և փառապանծ մեր մշակոյթը, միեւնոյն ժամանակ դառնալով միջազգային ազգ, դուրս գալով գէշ իմաստով արեւելեան ու նեղմիտ մտայնութենէն ու հիմնելով ժամանակակից հասկացողութեամբ ընկերութիւն ու պետութիւն, պետութիւն մը ՝ որ պատճառ պիտի դառնայ ծաւալային հայրենադաձութեան , պետութիւն մը՝ որ ատակ պիտի ըլլայ լուծելու մեր պատմական հարցերը: ՄԻՋԱԿՈՒԹԵԱՄԲ ՄԵԾ ՀԱՐՑԵՐԸ ՉԵՆ ԼՈՒԾՈՒԻՐ, ՄԵԾ ՀԱՐՑԵՐԸ ԼՈՒԾԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՀԱՄԱՊԱՏԱՍԽԱՆ ՄԵԾՈՒԹԻՒՆ Է ՊԷՏՔ: Ահա եթէ ճիշդ ըմբռնենք՝ «Նոր Հայաստան»-ն է, որ կրնայ տալ այդ կարելիութիւնը: Անհրաժեշտ է որ ներկայիս ստեղծուած հպարտութեան ու յանդգնութեան մթնոլորտը ծաւալով մեծնայ, որպէսզի պատճառ ըլլայ հայկական հրաշքին տեղի ունենալուն, երբ մեզի տրուած յատուկ կարողութիւնները պատճառ հանդիսանան հայկական հանճարի նոր ժայթքումին, որ իրարու սերտօրէն կապուած ժամանակակից  աշխարհին մէջ արագօրէն կրնայ բիւրեղանալ ու հաստատուիլ:  Առանց յիշելու պատմական հին շրջանը, վերջին դարերուն մենք նման ժամանկաշրջաններ ունեցած ենք. օրինակ՝ Արեւմտահայութեան ապրած վերելքը 1908-1915 ժամանակշրջանին, Խորհրդային Հայաստանին՝ այսինքն Արեւելահայութեան ապրած վերելքը 1950-ականներէն մինչև 1980-ականները: Երկու շրջաններն ալ տեղի ունենալով ոչ անկախ պետութեան մէջ կա՛մ կարճ, կա՛մ իրենց  ձգած ազդեցութեամբ սահմանափակ եղած են: Նման վերելք մը եթէ տեղի ունենայ եկող տարիներուն հայկական ազատ ու անկախ պետութեան մէջ, շատ աւելի հուժկու ու ծաւալային պիտի ըլլայ և պիտի ունենայ համաշխարհային հնչեղութիւն:

Միւս կողմէն Փաշինեանին և նոր կառավարութեան համար ամենամեծ քննութիւնը պիտի ըլլայ, յաջորդ ընտրութիւններուն թափանցիկ ու արդար անցկացումը և պարտութեան պարագային խաղաղօրէն իշխանութեան փոխանցումը: Այն օրը երբ այդ տեղի ունենայ, այսինքն Հայաստանը երբ սկսի ազատ ու արդար ընտրութիւններով իշխանութեան խաղաղ փոփոխութիւն իրականացնել սորվիլ, պիտի կրնանք տօնել Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան վերջնական հաստատտումը: Ահա միայն այս պարագային է որ կարելի պիտի ըլլայ վերջնական կարծիք կազմել Փաշինեանին մասին ու հաստատել յեղափոխութեան վերջնական յաղթանակը:

Բայց այս բոլորէն վեր ու անդին, լաւ հասկնանք ժամանակին նշանները, լաւ հասկնանք պատմական պահին ընձերած կարելիութիւնը, լաւ հասկնանք այն լուրջ պատասխանատուութիւնը որ ունինք այսօր, մեր ամբողջ ուժերով մասնակցինք «Նոր Հայաստան»-ի կերտման, «Նոր Հայաստան»-ը դարձնենք ՏԱՍԸ ՄԻԼԻՈՆՆՈՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ու այդ մէկը ընենք հպարտութեամբ ու յանդգնութեամբ, այդ մէկը ընենք տուխով: Շնորհաւոր ըլլայ «Նոր Հայաստան»-ին առաջին տարեդարձը:     

Տպել
4143 դիտում

Մարդը կոռուպցիայի ակունքին նստած, գնում ես, ժպտում են, ասում՝ ամեն ինչ նորմալ է, թող գնա մենք մեր գործն անենք. վարչապետ

Սիմոնյանն ու Լիտվայի վարչապետը քննարկել են անվտանգային և տնտեսական իրավիճակն Արևելյան Եվրոպայում և Հարավային Կովկասում

Կոնգրեսական Շերմանը կարևորում է ԼՂ տեղահանվածներին տրվող օժանդակության ընդլայնումը և Ադրբեջանին օգնության կրճատումը

ՀՀ կառավարությունը հաստատեց Դավիթ Գյուրջինյանի թեկնածությունը Բրյուսովի անվան բուհի ռեկտորի պաշտոնում

Որ հիվանդությունների դեպքում այսուհետ զինծառայությունը կլինի պարտադիր. մանրամասնել է Պապիկյանը

Կոստանյանն ու Ալ-Սայանը քննարկել են Հայաստանի և Սաուդյան Արաբիայի միջև ՏՏ ոլորտում համագործակցության հնարավորությունները

Կառավարությունը չի կարող մտնել ամեն դպրոց, ասի՝ երեխաները, ուսուցիչները, տնօրենը՝ այստեղ, գնդակը՝ այստեղ. Փաշինյան

Խաղաղապահների կարիքն այլևս չկա, որովհետև ոչ ոք չի վիճում, թե ում է պատկանում Ղարաբաղը. Ժուրավլյով

«Պորշ»-ից գողացել են համարանիշը, տեղադրել իրենց մեքենային, հագել ԱԱԾ աշխատակցի հագուստ. ՀՀ-ն ցնցած գործի նոր մանրամասներ

Խաղաղապահների դուրս բերումը վկայում է ռուս-ադրբեջանական առավել խորացող դաշնակցային հարաբերությունների մասին. Մարգարյան

Գետափնյա գյուղի մոտակա կամրջով երթևեկությունը շարունակում է փակ մնալ

Մարտին ձմեռ էր, ապրիլին՝ ամառ. Սուրենյան

1 զոհ, 1 վիրավոր․ մեքենան բախվել է երկաթե արգելապատնեշներին, հողաթմբին և գլխիվայր շրջվել

Մադրիդի «Ռեալը» հաղթել է «Մանչեսթեր Սիթիին» և դուրս եկել Չեմպիոնների լիգայի կիսաեզրափակիչ

«Գրքի աշխարհ»-ը չկառուցելու դիմաց հափշտակված մոտ 236 քմ տարածքով գույք է վերադարձվել պետությանը

Պետդեպարտամենտից մեկնաբանել են Ղարաբաղից ռուս խաղաղապահների վաղաժամ հեռացումը

Իմ, երեխաներիս, կնոջս, ծնողներիս մասին ինչ ասես՝ ասվեց, ես արժանապատվություն չունե՞մ, պետք է զոհաբերես. Փաշինյան

Տնային կալանք և 7 մլն դրամ գրավ․ դատարանը որոշել է Սամվել Վարդանյանի խափանման միջոցը

«Էրեբունի» օդանավակայան տանող ավտոճանապարհին ավտոմեքենա է այրվել

Արարատ Միրզոյանն ու Սաուդյան Արաբիայի Թագավորության ԱԳ նախարարը կարևորել են պարբերական ուղիղ չվերթների իրականացումը

Աշխարհի գավաթ․ Հայաստանի մարմնամարզության հավաքականի 3 ներկայացուցիչ եզրափակչում է

Մոտեցումը հստակ է, որակի հարցում կոմպրոմիս չի լինի․ քաղշինկոմիտեի նախագահը և Շիրակի մարզպետը եղել են շինհրապարակներում

Ինչու են ռուս խաղաղապահները դուրս գալիս Լեռնային Ղարաբաղից. ինչ պայմանավորվածություն կա

Խաղաղություն տանող ճանապարհը դժվար է, միայն կողմերի միջև երկխոսությամբ է հնարավոր հասնել դրան․ Կասուն՝ Խանդանյանին

«Խաղաղության խաչմերուկ»-ը մեր ճանապարհային քարտեզն է դեպի խաղաղություն․ Ալեն Սիմոնյանը՝ Լիտվայի ԱԳ նախարարին

Փոխվարչապետը «Վեոլիա» ընկերության փոխնախագահի հետ երկկողմ հետաքրքրություն ներկայացնող հարցեր է քննարկել

Քաղաքացին ընկել է շենքի նկուղը

Վրաստանը չի հրաժարվի «Օտարերկրյա գործակալների մասին» օրենքից. Կոբախիձե

Ինչ վիճակում է երրորդ հարկից ընկած 1-ամյա երեխան. ԲԿ-ն նոր մանրամասներ է հայտնել

Լավրով & Մարգո քոմփնին պատմության մեջ կմնան իրենց «հայրենիքին» ստորագույն հարվածը հասցրած կիսահայեր․ Սաֆարյան

Գյումրիում տղամարդը սպառնացել է նետվել կամրջից և ինքնասպան լինել

Բնակիչները գոհունակություն են հայտնել Կառավարության նախաձեռնությունից․ մանրամասներ վարչապետի տավուշյան այցից

«ՊԱԶ»-ը բախվել է քարե պարսպին և հայտնվել մեղվափեթակների մեջ․ ուղևորներին մեղուները խայթել են, 29 հոգի հիվանդանոցում է

Ռուս խաղաղապահների առաքելությունը Լեռնային Ղարաբաղում լիովին կատարված է․ Պետդումա

Վարչապետը Բերքաբերում ծանոթացել է սահմանամերձ բնակավայրերում տների կառուցման ծրագրի ընթացքին (լուսանկարներ)

4 գյուղերը սովետական տարիներին ադրբեջանական են եղել. բնակիչ (տեսանյութ)

Երբ կանայք հաջողում են քաղաքականության մեջ, հաջողում է պետությունը․ պատգամավորները մասնակցում են IDEA-ի ծրագրին

Գալիս է պահ, որ դու քեզ պետք է զոհաբերես հանուն քո հայրենիքի և երկրի. վարչապետ (տեսանյութ)

Դատարանը քննում է Սամվել Վարդանյանի կալանքի հարցը

Ինչու չհավատանք երկրի վարչապետին, ժողովրդին հարգելով՝ եկել էր, անկեղծ զրույց էր. Ոսկեպարի բնակիչ (տեսանյութ)